Because You Matter, We Care

Մեր պատմութիւնը

Գալէա կը նշանակէ «ուղին» եւ մեր պատմութիւնը մեր ուղեւորութեան մասին է դէպի գերազանցում, ինքնատիպութիւն եւ լուսաւոր ապագայ: Գալէան լիակատար սիրոյ, հանդարտութեան եւ յարմարաւէտութեան մասին է: Գալէան պատրաստուած է բուռն սիրով. մանրամասնութիւններու հանդէպ մեր բծախնդութեան, գործին հանդէպ մեր նուիրումին ու սիրոյն շնորհիւ՝ մեր յաճախորդներուն կ'ապահովենք հանգստութիւն եւ գուրգուրանք: Այս մտերմիկ եւ հոգատար պահերն են, որ կը բաժնեկցինք մեր սիրելիներուն հետ, իսկ Գալէան՝ իւրանքանչիւր ակնթարթը գնահատելու և գեղեցիկ յուշեր ստեղծելու մասին է: Մեր երթը կը սկսի այսօր եւ ձեզի հետ մենք օրէ օր պիտի շարունակենք աճիլ եւ ծաղկիլ:

Մեր գործադիր տնօրէնի նամակը

Կը փափաքիմ անձամբ ողջունել ձեզ Գալէա խնամքէն ներս. Կը յուսամ, որ մեր կայքը առիթ կու տայ որ ծանօթանաք մեր ընկերութեան, անոր ծառայութիւններուն եւ արտադրանքներուն, որոնք հիմնուած մեր տեսլականին, առաքելութեան եւ որդեգրած հիմնական արժէքներուն վրայ, որոնք մեզ անընդհատ կ՛առաջնորդեն դէպի գերազանցում եւ ինքնատիպութիւն. Կայքին միջոցով տեղեակ կ'ըլլաք նաեւ մեր ընկերութեան լուրերուն, ծանուցումներուն եւ հաղորդագրութիւններուն. Մենք վճռակամօրէն յանձնառու ենք ծառայելու մեր յաճախորդներուն եւ անոնց հայթայթելու լաւագոյն խնամք եւ հոգածութիւն: Մենք կ'ուզենք ըլլալ մեր յաճախորդներուն նախընտրանքը եւ անընդհատ տպաւորենք զիրենք. Մենք հպարտ ենք մեր ընտրած ուղիով, որ կ'առաջնորդէ դէպի յառաջդիմութիւն, աճ եւ յարատեւ նորարարութիւն՝ պայծառ ապագայի ճամբուն վրայ. Որպէսզի մեր յաճախորդներուն, գործընկերներուն եւ ընկերութեան հանդէպ մեր յանձնառութիւնը յարատեւի, մենք մեր բոլոր կարողութիւններն ու հմտութիւնները կը մէկտեղենք զարգացնելու համար մեր մարդուժը, որ մեր յաջողութեան հիմնական մղիչ ուժն է. Կը յուսամ, որ դուք ալ ուղեկից կ'ըլլաք մեր այս խանդավառ երթին.